Հայրենադարձ Հայ Ամուսինները Ինքնաշարժի Արկածի Զոհ Դարձան Վրաստան Երթալու Ճանապարհին
(view original article) Մայիս 10-ին Վրաստանի մէջ ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած են՝ հայրենադարձ ամուսիններ, Սիվիլնեթի կայքի մշակող եւ ճարտարարուեստի պատասխանատու Ալեն Եկիկեանն ու անոր կինը` Սօսէ Թոմասեանը: Այս մասին կը յայտնէ civilnet-ը։
Արկածի հետեւանքով Ալենն ու վարորդը անմիջապէս մահացած են, իսկ Սօսէն գանգուղեղի ծանր վնասուածք ստացած եւ վիրահատութենէն ետք գիտակցութեան չգալով` մահացած է:
Ալենի եւ Սօսէի պսակադրութիւնը տեղի ունեցած էր անցեալ Օգոստոսին, Կեչառիսի վանքի մէջ` Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հարազատներու եւ ընկերներու մասնակցութեամբ: Յունուարին անոնք Լոս Անճելըսէն բնակութեան տեղափոխուած էին Հայաստան: Ալեն կ’աշխատէր Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի մէջ: Ամուսինները Հայաստանի մէջ ներգրաւուած էին շարք մը նախագիծերու մէջ:
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը իր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալներու հարազատներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն եւ գործընկերներուն։
Այս մասին “Ասպարէզ”-ը կը գրէ.
Ալէնը «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի օգնական խմբագիրն էր: Թերթի առցանցային բաժինը զարգացնելու մտասեւեռումով գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատէր, եւ անառարկելի իրագործումներ արձանագրելէ ետք միայն հեռացած էր մեզմէ՝ երբե՛ք սակայն կապը չկտրելով իր սիրած հրատարակութեան հետ: Պսակուեցաւ իր սիրած աղջկան՝ Սօսէին հետ, իր սիրած Հայաստանի մէջ: Առաւել երջանկացաւ, երբ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ գործ գտաւ ու գնաց: Գրեթէ ամէնօրեայ արձանագրութիւններ մուտքագրեց իր՝ «Ինչպէ՞ս կարենալ ապրիլ Հայաստանի մէջ» վերնագիրով «պլակ»ին մէջ՝ երկրի առօրեան մեզի մատչելի դարձնելով, իր իւրայատուկ ոճով մեզ աւելի եւ աւելի ուժեղ թելերով կապելով հայրենիքին, անոր ժողովուրդին, անոր ձգտումներուն ու իղձերուն հետ:
Ըստ “Ասպարէզ”-ի արկածը պատահած է Լոռիի ճանապարհին Վրաստան մեկնելու ժամանակ։