Երիտասարդ Հայ Ամոլ մը զոհ կ'երթայ ինքնաշարժի արկածի
(view original article) Հայաստան- Հայրենի «ՍիվիլՆէթ» լրատուական գործակալութիւնը այսօր լուր տարածած է թէ, իր անձնակազմի անդամ ՝Ալլէն Եէքիքեան եւ անոր կինը ՝Սօսէ Թովմասեան զոհ գացած են ահաւոր ինքնաշարժի արկածի մը:«Սիվիլինէթ»ի Ֆէյսպուքեան էջը հաղորդած է նաեւ, թէ ինքնաշարժի արկածը տեղի ունեցած է Վրաստանի մէջ ուր վերջինները մեկնած էին արձակուրդ անցընելու նպատակով:Յայտնենք որ Երիտասարդները նոր ամուսնացած էին եւ Ամերիկայէն փոխադրուած Մայր Հայրենիք եւ անոնք կը գործէին «Սիվիլթաս»ի մէջ տարբեր պաշտօններ վարելով:Լուրը ցնցիչ է եւ յուզումը մեծ: Խորապէս կը ցաւակցինք երկու շնորհաշատ երիտասարդներուն տխուր ու անսփոփելի կորուստին առթիւ: