Անմահացնել Յիշատակը
Անցեալ Շաբաթ երեկոյ, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Խաչքարին առջեւ հաւաքուած էինք, մեր սիրելի Ալէնի եւ Սօսէի յիշատակին մոմ մը վառելու համար: Հաւաքին ընթացքին խօսք առին ու իրենց ցաւն ու վիշտը, քաղցր յիշատակները պատմեցին այս հրաշալի զոյգին ընկերները: Խօսք առնողներէն մէկը՝ Դաւիթը, Ալէնին եւ Սօսէին յիշատակը յաւերժացնելու հիմնադրամի մը մասին ակնարկեց: Այդ մասին, վստահ եմ, որ շատեր կը մտածեն: Այս երիտասարդ զոյգին կեանքը, որ այնքան հարուստ էր ուսանելի խորհուրդներով, անպայմանօրէն պէտք է արժանանայ մեր ժամանակակիցներու եւ ինչու չէ նաեւ գալիք սերունդներու ուշադրութեան: Արդարեւ, առինքնող ուժ ունի Սփիւռքի մէջ ծնած, հասակ նետած այս զոյգին պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս անոնք կապուեցան Հայաստան աշխարհին, թէ ինչպէ՛ս այդ կապը վերաճեցաւ հայրենիք փոխադրուելու, այնտեղ աշխատելու, ընտանեկան նորակազմ օճախը այնտեղ հաստատելու որոշումին: Վստահ եմ, որ շատերու միտքէն կ՛անցնի Ալէնին եւ Սօսէին անունով հիմնադրամ մը ստեղծելը, ինչ որ պիտի սատարէ իրենց որդեգրած արժէքներու տարածման: Հայրենի հողին հետ մեր սփիւռքածին երիտասարդները կապելը՝ այդ արժէքներէն ամէնէն կարեւորներէն է, եւ հետեւաբար՝ ճիշդ կ՛ըլլայ այդ արժէքը քարոզող ու տարածող ծրագիր մը նկատի առնել հիմնադրամի ստեղծման համար: Կայ այդպիսի ծրագիր մը, որուն ջատագովներէն եղած են Ալէնն ու Սօսէն: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Youth Corps անունով տարեկան յայտնի ծրագիրն է, որ ամէն տարի տասնեակներով երիտասարդներ կը տանի Հայաստան, ուր անոնք կ՛աշխատին հայ մանուկներու ու պատանիներու հետ եւ… կը սիրահարին հողին, հայրենիքին: