Ալէնի Ու Սօսէի Խորհուրդը
(view original article) Անցեալ Ուրբաթ օր, Երեւանէն Թիֆլիս ճանապարհին վրայ երկու երիտասարդներու՝ Ալէն Եկիկեանի եւ Սօսէ Թովմասեանի, կեանքի թելը դաժանօրէն կտրուեցաւ:
Լուրը ցնցեց հազարաւորնեու հոգիները՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր գօտիներ: Մատաղ տարիքի զաւակ, հարազատ, ընկեր կորսնցնելու վիշտը կարելի չէ չափել, կարելի չէ համեմատել: Նոր ամուսնացած այս զոյգին դժխեմ ճակատագիրը, անոնց անհեթեթ մահը, սակայն, մարդկային կորուստ մը ողբալու ու սգալու փաստէն անդին անցաւ եւ աւելի լայն տարողութեամբ յուզում ու խռովք յառաջացուց ամէնուր: Ինչո՞ւ: Թերեւս անոր համար, որ անոնք համակ եռանդ ու ջերմութիւն կը ճառագայթէին, ամուր էին իրենց գաղափարով, ինքնավստահ էին իրենց ձեռնարկներուն մէջ, անշեղ՝ իրենց նպատակասլացքով, փայլուն՝ իրենց մտածումներով: Թերեւս անոր համար, որ անոնք իրենց կեանքը ծրագրելու ընթացքին, հաշուի նստան այն բոլոր իղձերուն ու ցանկութիւններուն հետ, որոնք փայփայուած են շատերուս կողմէ, առանց սակայն մեր կողմէ ստանալու համապատասխան ուշադրութիւն, համապատասխան վճռականութիւն: Իրենք՝ այդ հրաշալի զոյգը, ապրեցան մեր շատերուն երազը, եւ պատահական չէ, որ հասարակական ցանցերու վրայ իրենց վշտակցութիւնը արձանագրողներուն մեծ մասը կը խոստովանէր իր հիացմունքը, յարգանքն ու ակնածանքը, այն խանդավառութիւնն ու հմայքը, զոր Ալէնն ու Սօսէն ստեղծեցին իրենց կարճատեւ կեանքի պատմութեան հանդէպ: Բոլորս ալ վիշտին ու ցաւին հետ հաշտուելու, կորուստի անհեթեթութիւնը յաղթահարելու միտումով, Ալէնի եւ Սօսէի յիշատակը անմահացնելու, անոնց իմաստաւորուած կեանքը փառաւորելու ճամբաներ սկսանք որոնելու, խորհրդածելու: Իմաստ ու խորհուրդ ունէր իրենց կեանքը, ու այդ իմաստն ու խորհուրդը պէտք է ինչ որ ձեւով յաւերժացուի. կենսակա՛ն է, որ յաւերժացուի՝ ի ցոյց նոր սերունդին, ի ներշնչում բոլոր այն տղոց ու աղջիկներուն, որոնք քալած են Ալէնի ու Սօսէի արահետներով, որոնք կրնան ուժ առնել անոնց օրինակէն, զօրանալ անոնց անբացատրելի գեղեցկութեամբ:
Հայրենիքէն հեռու ծնիլը չի նշանակեր դատապարտուիլ յաւերժական աքսորի: Հայրենիք վերադարձի երազը ցնորք չէ, ծրագի՛ր է, իրականանալի նպատակ է: Այս գաղափարի կրողները եղան Ալէնն ու Սօսէն: